2010-09-06 12:10:08

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ ՄԸ ՑՈՒՑԱԴՐԱԾ Է .


Թրքական ՝՝՝Տողան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական ՝՝ԱյնզԷքսթրա՝՝ պատկերասփիւռի կայանը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի մասին պատմող փաստարական նոր շարժանկար մը սփռած է։ Գերմանական պատկերասփիւռի առաջին ալիքին՝ Էյ.Առ.Տի.ի կից գործող ՝՝ԱյնզԷքսթրա՝՝ի սփռած 53 վայրկեան տեւողութեամբ շարժանկարին մէջ հայ ժողովուրդը կը ներկայացուի իբրեւ աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկուն տէրը։

Շարժանկարին մէջ անդրադարձ կայ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ գործուած Ցեղասպանութեան ու 19 յունուար 2007-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան։ Շարժանկարին մէջ ՝՝Ակօս՝՝ի խմբագրապետը կը ներկայացուի իբրեւ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման անվախ ջատագով եւ պաշտպան։ Կը նշուի, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր մինչեւ օրս կը մնան անպատասխան£








All the contents on this site are copyrighted ©.