2010-09-06 12:39:45

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ. 2 ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐԵՐ՝ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ։


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը հաղորդեց, որ շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 6։50-ին, Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանային գօտիի հիւսիս-արեւելեան շրջանին ուղղութեամբ՝ Ջրաբերդ բնակավայրէն շուրջ երկու քիլոմեթր արեւելք, արձանագրուած է ութ անձերէ բաղկացած ազրպէյճանական ուժերու հետախուզական խմբակի հերթական յառաջխաղացման փորձ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած համապատասխան գործողութիւններուն եւ ծաւալած մերձամարտին իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանցիներ տուած են երկու զոհեր։ Փախուստի ճամբուն վրայ անոնք մուտք գործած են ականուած դաշտ։ Ականներու պայթումին պատճառով անոնք ունեցած են վիրաւորներ։ Ղարաբաղեան կողմը կորուստներ չէ ունեցած։








All the contents on this site are copyrighted ©.