2010-09-05 11:19:23

Ո՞վ Էր Լեւոն ԺԳ. Պապը


Լեւոն ԺԳ. Պապը ծնած էր 2 Մարտ 1810ին, աւազանի անունով Վինչենցօ Ճօագինօ Փէչչի ամենափոքրը 7 եղբայրներուն, զաւակը՝ խորապէս հաւատացեալ ընտանիքի մը։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Վիթերպոյի Յիսուսեաններու վարժարանը ու Հռոմի դպրեվանքը։ 1835ին իրաւագիտութեան վկայականը կը ստանայ Հռոմի Լա Սաբիենցա համալսարանէն։ 1937ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ 1843ին եպիսկոպոս կ՝օծուի եւ Քահանայապետի Առաքելական նուիրակ կ՜անուանուի Պրիւքսէլի մէջ, ուր կը մնայ գրեթէ 3 տարի, եւ ուր առիթը կ՜ ունենայ մօտէն ծանօթանալու եւ հասկնալու՝ երկրի ընկերային հարցերը եւ ընկերութեան իրավիճակը, փորձառութիւն մը որ կարեւոր պիտի դառնար իր ապագայ առաքելութեան։ 1846ին Բերուճա քաղաքի եպիսկոպոս կ՜անուանուի ուր կը ծառայէ 32 տարիներ։ 1853ին կը ստանայ կարտինալական տիտղոս։ Երջանկայիշատակ Պիոս Թ. պապին մահէն ետք, 20 փետրուար 1878ին կարտինալական դասը զինք քահանայապետ կ՝ընտրէ, ան կ՝առնէ Լեւոն ԺԳ անունը։

Իր 25 ամեայ քահանայապետութեան շրջանը եղած է դժուար բայց միեւնոյն ժամանակ պտղաբեր շրջան մը, նա մանաւանդ ընկերային գետնի վրայ եկեղեցւոյ մօտեցումին եւ ուսուցման առընչութեամբ։ Լեւոն ԺԳ կապեր հաստատած է այլ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու հետ, օրինակի համար յիշենք՝ Ճոն Հենրի Նիւման Անկլիքան եկեղեցականի դարձը որ յետագային կարտինալական աստիճանի պիտի բարձրանար։ Այդ տարիներուն է որ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան քահանայապետի ոտքը կ՝իյնար իրմէ խնդրելով արտօնութիւն մտնելու համար ՜՜Կարմեղեաններու Վանքը՝՝ քանի ան 15 տարեկան էր միայն։

1891-ի 15 մայիսին լոյս տեսած շրջաբերական թուղթը, Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի գործունէութեան կարեւորագոյն գործը կը հանդիսանայ։

Քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց 20 յուլիս 1903ին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թողելով հարուստ ժառանգութիւն մը, դաստիարակչական եւ ընկերային հարցերու հայող հրատարակութիւններով։

Լեւոն ԺԳ. Պապի ծննդեան 200-ամեակի տօնախմբութիւնները սկիզբ առած էին 2 մարտ 2010ին, հռչակելով 2010-2011 տարեշրջանը որպէս ՜՜Լեւոնեան Տարի՝՝։

Նշենք նաեւ որ Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանը կը կրէ ՜՜Լեւոն՝՝ անունը շնորհիւ եւ ի պատիւ Լեւոն ԺԳ սրբազան Քահանայապետին, որ 1883ին շէնքը ու անոր յարակից Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցին նուիրած էր Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.