2010-09-05 09:39:38

Հայ Կաթողիկէ Միութեան Պատանեկանի 25 ամեակը։


Պէյրութ, Լիբանան- Հ.Կ.Մ. պատանեկանի 25-ամեակին առթիւ, Աշրաֆիէի (Պէյրութ) Հ.Կ.Մ. պատանեկանի խորհուրդը կազմակերպեց 25 ամեակի նուիրուած ճաշկերոյթ մը հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 22 Օգոստոս 2010-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պատրիարքարանի կողքին գտնուող պարտէզին մէջ:

Այս ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Կ.Մ. պատանեկանի հիմնադիրը՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, պետական երեսփոխան Տիար Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին հոգեւոր վարիչ եւ Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ Գերյ. Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ.

Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եկած Հ.Կ.Մ.-ի ներկայացուցիչներ, նախկին Հ.Կ.Մ-ականեր, հրամանատարներ, վարդապետները եւ զանազան կարեւոր անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը ճոխացուց ՜՜Աղթամար՝՝ նորակազմ նուագախումբը, որուն անդամներէն ոմանք անցած են Հ.Կ.Մ. պատանեկանի շարքերէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.