2010-09-04 13:13:06

ՔԱՆԱՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ։


6-10 սեպտեմբեր, Հայաստան պիտի գտնուի Քանատայի Խորհրդարանի գլխաւոր չորս կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ Հայաստանի մէջ յատուկ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական շրջանակներու հետ։

Քանատական խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Հայ-քանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ Հարըլտ Ալպրեխթ, Ազատական կուսակցութեան անդամ Ռոպ Օլիֆանթ, Պլոք Քեպեքուա կուսակցութեան անդամ Նիքոլ Տեմերս եւ Նոր ժողովրդավարներու կուսակցութեան անդամ Թոնի Մարթին։ Հայաստանի մէջ Քանատայի խորհրդարանի անդամները պիտի հիւրընկալուին Հայաստանի Ազգային ժողովին նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Քանատահայ Գաղութի միասնական ջանքերու արգասիքը հանդիսացող այս քաղաքական նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ աւելի սերտացնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմակողմանի յարաբերութիւնները։

Քանատական խորհրդարանական պատուիրակութեան կընկերակցին Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Տարաճեան եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդարանիստ Մայր եկեղեցւոյ դիւանապետ Յակոբ Ասլանեան։ Քանատայի Խորհրդարանի անդամները 7 սեպտեմբերին պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու նուիրուած յուշահամալիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.