2010-09-04 13:16:53

Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Ասիոյ Կաթողիկէ Աշխարհականներու Հաւաքին։


Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ ՜՜թող Ասիոյ եկեղեցին միշտ աւելի վկայութիւն տայ քրիստոնեայ ըլլալու գեղեցկութեան մասին եւ քարոզել Քրիստոսը որպէս միակ Փրկիչը աշխարհի։ Համզուած հաւատացեալ աշխարհականներու աճող թիւը յոյսի մեծ նշան է Ասիոյ Եկեղեցւոյ համար։ Այս է համառօտ կերպով Սրբազան Հօր մաղթանքը ուղղուած՝ Ասիոյ կաթողիկէ աշխարհականներու հաւաքին, որ ներկայիս տեղի կ'ունենայ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք՝ Սէուլի մէջ։

Սրբազան Հօր պատգամը կարդացուեցաւ երկրի առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Օսվալտօ Բատիլլայի կողմէ ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ'ընդգծէ ՜՜հաւատացեալ աշխարհականներու անհրաժեշտ դերն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ մէջ՝՝։

Յայտնենք թէ Ասիոյ ցամաքամասը կը բովանդակէ աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը եւ միշտ օրրանը եղած է մեծ կրօններու եւ հոգեւոր աւանդութիւններու։ Ներկայիս տնտեսական մեծ աճում կ'արձանագրէ եւ ընկերային մեծ եւ աննախընթաց յեղաշրջումի մէջ է։

Ասոր համար է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ասիոյ կաթողիկէններուն ուղղած իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ. ՜՜ դերն ու անհրաժեշտութիւնը Ասիայի քրիստոնեայ աշխարհականներուն, որոնք կանչուած են ըլլալու նշանը եւ իրականացումը Քրիստոսի խոստումին որ է՝ ՜՜Թող ամէնքը ըլլան մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.