2010-09-04 13:02:54

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ «ՌՈՒՍԻԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽՈՒԺ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ։


Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ Ազրպէյճան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այցելած է Պանթէոն, յարգած է Հայտար Ալիեւի յիշատակը եւ ծաղկեպսակ զետեղած անոր շիրիմին։ Ռուսիոյ ղեկավարը ծաղիկներ դրած է նաեւ Հայտար Ալիեւի կնոջ շիրիմին։

Մետվետեւ ապա այցելած է Պաքուի լեռնային պուրակի զոհուածներու ճեմուղի։ Այստեղ եւս ան ծաղկեպսակ զետեղած է։ Ռուսիոյ նախագահը պաշտօնական ճաշի ժամանակ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Ազրպէյճանը նկատած է Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերը, նաեւ ըսած է, որ ստորագրուելիք փաստաթուղթերը պիտի ամրապնդեն երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները։

Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աշխուժ դեր խաղալ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործին մէջ։

Իսկ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի հարաւը՝ Լենքորանի շրջանին մէջ երէկ կանուխ առաւօտեան մզկիթի մը դէմ զինուած յարձակում մը տեղի ունեցած է։ Միջադէպին հետ կապուած հետաքննիչ յանձնախումբ ստեղծուած է։ Միւս կողմէ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չորեքշաբթի երեկոյեան Պաքուի մէջ Պետական դրօշի հրապարակի բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է ՝՝Ազրպէյճանական դրօշը մեր հպարտութիւնն ու ոգին է։ Անիկա պիտի ծածանի Ղարաբաղի, Խանքենտիի(Ստեփանակերտ Ա) եւ Շուշիի վրայ։ Մենք բոլորս պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, որ այդ օրը որքան կարելի է շուտ գայ։ Մենք կաշխատինք այդ ուղղութեամբ՝՝։ Ըստ ձայնասփիւռի կայանին, Կասպից ծովու ափին գտնուող նորաբաց հրապարակի մեծութիւնը շուրջ վեց հեկտար է։ Հոն տեղադրուած էր աշխարհի մեծագոյն դրօշը, որուն լայնքը 35, իսկ երկարութիւնը 70 մեթր էր։Բայց դրօշը հազիւ 2 օր հոն կը մնայ ,զօրաւոր քամիներուն պատճառով ազրպէյճանական մեծագոյն դրօշակը վար առնուեցաւ, սակայն մինչեւ վար առնուիլը արդէն անիկա պատռուած էր։ Նշենք որ ըստ Ալիեւի, Ազրպէյճան քանի մը տարի ետք պիտի դառնայ միջազգային նուիրատու պետութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.