2010-09-04 13:08:57

ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ։


Իրանի արտաքինգ ործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի ՝՝Փանարմինիըն.նեթ՝՝ լրատուական կայքէջին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունի եւ կը փափաքի որ բոլոր դրացի երկիրներու սահմանները խաղաղ եւ կայուն ըլլան, եւ Թեհրան այդ ծիրին ոչ միայն կողջունէ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ձեւաւորումն ու սահմաններու վերաբացումը, այլեւ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ այս հոլովոյթին օժանդակելու։

Պատասխանելով հայ-թրքական հաշտեցման հոլովոյթին սառեցման ուղղութեամբ պաշտօնական Երեւանի որոշման վերաբերեալ հարցումին՝ Մոթթաքի յայտնած է, որ Իրանի համոզումով, երկիրներու փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ հիմնախնդիրներու եւ պատմական հարցերու լուծումը պէտք է իրականանայ անհրաժեշտ խորապատկերին եւ պայմաններուն ստեղծման լոյսին ներքեւ։

Ներկայացնելով պաշտօնական Թեհրանի դիրքորոշումը ղարաբաղեան տագնապին լուծման վերաբերեալ՝ Մոթթաքի ընդծած է, որ Թեհրան կը հաւատայ խաղաղ ձեւով տագնապի լուծման եւ կողմերը կը խրախուսէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.