2010-09-03 13:17:25

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է։


Թրքական՝՝Զաման՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու չորեքշաբթի օր այցելած է Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններ, որոնց շարքին՝ Կարս եւ Իգտիր։ ՝՝Տողան՝՝ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Կարս կատարած այցելութեան ժամանակ յայտարարած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։
Խօսելով հայ-թրքական սահմանի հաւանական բացման մասին՝ ան նշած է, որ նախ եւ առաջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է լուծուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Նշենք, որ յուլիսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր հարցում ուղարկած էր Կարսի եւ Իգտիրի նահանգապետարաններ՝ խնդրելով պատասխանել այն հարցին, թէ հայ-թրքական սահմանի բացման պարագային որքա՞ն ժամանակ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտելու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.