2010-09-03 13:12:56

Ուկրանիոյ Լվովի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի Բացում


Լվովի մէջ 2-9 Սեպտեմբեր տեղի կ՝ունենայ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի ժողովը, որուն մաս կը կազմեն Ուկրանիոյ եւ սփիւռքի եպիսկոպոսները, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Լուպոմիր Հուսար՝ Կիեւ - Հալիջ թեմի ծայրագոյն արքեպիսկոպոսին։

Սիւնոդոսին յատկապէս պիտի շօշափուի երկու նիւթեր.՜՜ Աւետարանութիւն եւ գաղթականութիւն՝՝։ Առաջինին ժողովականները պիտի կեդրոնանան ՜՜ Հաւատքի եւ Սիրոյ հովուական առաքելութեան մը վրայ, որ կարողանայ հաւատացեալը առաջնորդել հանդիպելու քրիստոսին։ Իսկ երկրորդ նիւթը, գաղթականութեան վերաբերող՝ պիտի կեդրոնանայ գաղթականներու հիւրընկալութեան, զարգացնելով անոնց օգնութեան հասնելու համար հովուական եւ հոգեկան կարիքները հոգալու միջոցները ։

Սիւնոդոսը գումարելով Կարտինալ Հուսար խնդրած է բոլոր հաւատացեալներէն ՜՜Հայր մեր՝՝ եւ ՜՜Ողջոյն քեզ՝՝ աղօթքներու արտասանումը սիւնոդական նիստին դիտաւորութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.