2010-09-03 13:15:14

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՊՊԱՍ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՈՒՂՂԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ։


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի բանակցութիւններու սկսան։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Հիլըրի Քլինթընի հիւրընկալած բանակցութիւնները քսան ամիսէ ի վեր իրենց տեսակին մէջ առաջինն են։ Երէկ ուշ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են 2 շաբաթը անգամ մը իրարու հանդիպիլ՝ քննարկելու համար իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող խորքային հարցերը։ Այս համաձայնութեան իբրեւ առաջին քայլ 2 շաբաթ ետք Ապպասի եւ Նեթանիահուի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Շարմ Շէյխի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.