2010-09-03 13:13:11

Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Հանդիպումներ -Պէյրութ, Լիբանան։


Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներուն համար յատկացուած յատուկ սիւնհոդոսի նախօրեակին, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատուները երկու խորհրդակցական ժողովներ գումարեցին, քննարկելու համար հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն իրավիճակը եւ նախապատրաստուելու սոյն սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2010-ին, Հռոմ։

Առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, մասնակցութեամբ՝ գերպայծառ Րաֆֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեանին՝ նախագահը ընկերային հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբին, գերապայծառ հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեանին՝ մեծաւորը Լեւոնեան վարժարանի եւ անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբին, գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի՝ նախագահը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջին, եւ Տիար Րոպէրթ Աթարեանի՝ «Telepace Armenia»ի տնօրէնը եւ գործակիցը Րատիօվատիկանի Հայերէն հաղորդումներու։ Ժողովականները անդրադարձան ընկերային հաղորդամիջոցներու դերակատարութեան, ողջ վկայութիւն կատարելու համար Քրիստոսի մասին եւ փոխանցելու համար քրիստոնէական արժէքները հաւատացեալներուն, ինչպէս որ յիշուած է Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարին մէջ։

Երկրորդ ժողովը տեղի ունեցաւ 27 օգոստոս 2010-ին, նախապատրաստութիւններ տեսնելու նպատակով յաջորդ մեծ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 եւ 25 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու բոլոր պատասխանատուներուն։ Այս հանդիպումը պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարը, ինչ կը վերաբերի մանաւանդ ընկերային հաղորդամիջոցներու գործունէութեան ու դերին, պատասխանելով այն հարցումներուն զոր կ՛ուղղէ թղթածրարը, եւ այժմէական առաջարկներ ներկայացնելով այս ուղղութեամբ։ Ինչպէս նաեւ այն հանդիպման տեղի պիտի ունենան միջամտութիւններ եւ վկայութիւններ ուրիշ Եկեղեցիներէ, իրենց փորձառութեան մասին ընկերային հաղորդամիջոցներու մարզին մէջ, եւ անոնց արժէքաւոր ներդրումը, որ կ՛ունենան լաւագոյն կերպով արտացոլացնելով Եկեղեցւոյ դիմագիծը եւ ամբողջ աշխարհին տարածելով քրիստոնէական արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.