2010-09-03 13:14:36

Լուրեր հայկական կեանքէն


«Արի տուն-2010» Ծրագրի Հինգերորդ Փուլը

Սեպտեմբեր 3-ին, կը սկսի «Արի տուն-2010» ծրագրի հինգերորդ փուլը. անոր կը մասնակցի վեց երկրի մօտ 50 ներկայացուցիչ: Ըստ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանին, այս փուլին մէջ ընդգրկուած մասնակիցներու մեծ մասը Վրաստանէն է, մասնաւորապէս՝ Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն, Պաթումէն եւ Ախալքալաքէն, պիտի ըլլան նաեւ սփիւռքահայեր Թուրքիայէն, Իրանէն եւ Ռուսիայէն:



ԼՂՀ.ի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ծննդեան 50-ամեակը։

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորական խօսք յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին անոր ծննդեան 50-ամեակի առիթով։



Պամիրի Մէջ Շարլ Ազնաւուրի Անուան Գագաթ :

Ուքրանացի լեռնագնաց Սերկէյ Քայֆաջեան իր կողմէ նուաճած Պամիրի գագաթը անուանեց ֆրանսացի երգիչի անունով: Գագաթը կը գտնուի 5250 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ մինչ այդ չէ նուաճուած՝ մարդու կողմէ: Հիմա անոր ամենաբարձր մասին վրայ տեղադրուած է Շառլ Ազնաւուրի պատկերով յուշանշանը։ 2004-ին Սերկէյը, յաղթահարելով 5495 մեթր բարձրութեամբ գագաթ, այն անուանած է «Հայաստան»:



Հերմինէ Ճանոյեան՝ «Տարուան Կինը» Մրցանակին Կ՛արժանանայ ։

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լուի վերջերս չորս կիներ պատուած է՝ անոնց շնորհելով «Տարուան կինը» մրցանակը: Անոնցմէ մէկն է Վեն Նայսէն Հերմինէ Ճանոյեանը, որ այս պատիւին արժանացած է՝ հայկական կազմակերպութիւններէ ներս իր տարած կամաւոր աշխատանքին համար:

Ան վարչական ու պատասխանատու այլ պաշտօններ ստանձնած է ՀԲԸՄի, Հայ Կանանց Միջազգգային կազմակերպութեան, «Հայկազեան» համալսարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ:

Ծերակուտական Քարոլ Լուի կը ներկայացնէ Ծերակոյտի 21րդ ընտրատարածքը, ուր կ՛ապրին աւելի քան 850,000 հոգի:








All the contents on this site are copyrighted ©.