2010-09-03 13:08:03

ԱՐՑԱԽ ՆՇԵՑ ԻՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 19-ԱՄԵԱԿԸ


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 19-ամեակին առիթով Սեպետմբեր 2-ին Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելեց Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը։ Անոնց հետ էին նաեւ այս առիթով Արցախ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, փոխ-վարչապետ Արմէն Գէորգեան, Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան հիւրերը եւ Արցախի գործադիր ու օրէնսդիր մարմիններուն ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ դրին Յաղթանակի Յուշաքարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին, քաղաքային Յուշահամալիրի կողքին գտնուող, Արցախեան ազատամարտին զոհուած խումբ մը ազատամարտիկներու Գերեզմաններուն։
Այս առթիւ Նախագահ Բակօ Սահակեան վստահեցուց, որ Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները հաստատակամ են եւ անսասան ազգային նպատակներու իրականացման մէջ եւ իրենց կարելին պիտի ընեն Արցախի Հանրապետութեան պայծառ եւ լուսաւոր ապագայի կերտման համար։ Ան նշեց, որ հայրենիքը միշտ վառ կը պահէ իր զաւակներուն յիշատակը, որոնք իրենց սեփական կեանքը զոհեցին յանուն ազատ եւ անկախ Արցախին,2 սեպտեմբերը տօն է նաեւ մեր հայրենակիցներուն համար՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ,անոնց միացեալ ջանքերով այսօր կանգուն է հայոց հինաւուրց Արցախը եւ կը շարունակէ ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ (շեշտեց նախագահ Սահակեան) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.