2010-09-02 11:47:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Այսօր։


Հինգշաբթի 2 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իսրայէլի նախագահ՝ տիար Շիմոն Փերեսը։

Նախապէս Սրբազան Հայրը ընդունեց Պրազիլի հիւսիս-արեւելեան եկեղեցական շրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Նշենք թէ Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 272 եպիսկոպոսներէ եւ ունի 17 եկեղեցական գաւառներ, որոնք մէկ սեպտեմբեր 2009էն՝ սկսած էին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը եւ կը նախտեսուի որ աւարտի 20 սեպտեմբեր 2010ին։

Յայտնենք նաեւ՝ որ Պրազիլի կաթողիկէները կը հաշուեն 155 միլիոն հաւատացեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.