2010-09-02 12:05:26

Գերապայծառ Ակոսթինօ Մարգեթթոն, փախստականներու եւ գաղթականներու Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդի Քարտուղարը Իր Հրաժարականը Ներկայացուց։


70-ամեայ Գերապայծառ Ակոսթինօ Մարգեթթոն գաղթականներու եւ փախստականներու եւ Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդի Քարտուղարը ներկայացուց իր հրաժարականը փափաք յայտնելով նուիրուելու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի պատմութեան ուսումնասիրութեան. որը՝ ըսած է ան ՜՜ ինծի համար շատ հետաքրքրական նիւթ մըն է՝՝ եւ աւելցուցած՝ ՜՜ժամանակին խնդրանք ներկայացուցած էի Սրբազան Քահանայապետին, որպէսզի 70 տարեկանիս կարենայի իմ քարտուղարի պաշտօնէս հրաժարիլ եւ անցեալ 25 օգոստոսին այս փափաքս իրականացաւ։ 70 տարեկանին հրաժարական ներկայացնելը, փոխանակ նախատեսուած՝ 75 տարեկանին՝ (ըստ Լատին եկեղեցական կանօնագրին) առանձնաշնորհում մըն է ՜՜Պապական նուիրակներուն՝՝։ Այսպէս Գերապայծառ Մարգեթթոյին ալ շնորհուեցաւ այս յատուկ առանձնաշնորհումը։

Նշենք թէ՝ Գերապայծառը գրեթէ 20 տարի ծառայած է Ափրիկէի ցամաքամասը որպէս Վատիկանի դիւանագէտ, 1996-ին՝ ծանր հիւանդութեան ենթակայ դարձած է, եւ մինչեւ օրս պաշտօնավարած է որպէս փախստականներու եւ գաղթականներու Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդի Քարտուղար։








All the contents on this site are copyrighted ©.