2010-09-01 12:42:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի մէկ սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Գասթել Կանտոլֆոյի գլխաւոր հրապարակը։

Յայտնենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Սրբազան Հայրը ընդհանուր ունկնդրութիւն կը կատարէ քահանայապետական ամարանոցին կից գտնուող՝ հրապարակի վրայ (իտալական հողին վրայ) եւ այսպէս՝ աւելի մօտ գտնուելու համար հաւատացեալներուն ։

Ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ ՜՜այս շաբաթը մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու անցեալ դարու նահատակ սուրբերու մասին՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Հաւատացեալները կանչուած են միշտ վստահելու Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն վրայ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով այս շաբաթուան ընթացքին յիշուող սրբուհի Իլտեկարտայի մասին, որուն տօնը կը յիշատակուի այսօր։

Ան եղաւ կրօնաւորուհի եւ խորհրդազգաց անձ մը, որ յանձնառումով նուիրուեցաւ վանական կեանքի բարեփոխումին։ Աստուծմէ խնդրենք, որպէսզի մեր օրերուն նաեւ Տէրը յարուցէ կիներ որոնք իրեց նուիրումով ու իրենց հանճարով նպաստեն եկեղեցւոյ առաքելական գործին։ Թող ձեր ուխտագնացութիւնը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու գերեզմանները, նոր ոյժ եւ խթան հանդիսանայ ձեր հաւատքի ամրապնդումին ու ձեր եղբայրօգնութեան նուիրումին տարեցներու, անկարներու եւ հիւանդներու մօտ։

Ապա Սրբազան հայրը ըսաւ. ՜՜կը հրաւիրեմ ձեզ անսալու Ս. Հոգւոյն թելադրանքին ճանչնալու համար ՜՜պարգեւները՝՝ որ Տէրը կու տայ ի սպաս Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն, բարի վերադարձ բոլոր աշխատաւորներուն եւ բարի վերամուտ բոլոր աշակերտներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խրախուսելով զանոնք իրենց կեանքի բարի կենցաղով միշտ վկայութիւն տալու Աստուծոյ լոյսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.