2010-09-01 13:07:16

Հնդկաստանի Եկեղեցին Կ՝ոգեկոչէ Իր Նահատակները


Օգոստոս 29-ը՝ նահատակներու ազգային օր է Հնդկաստանի մէջ։ Այս առթիւ Հնդկաստանի հաւատացեալները ոգեկոչեցին բոլոր այն քահանաները, կրօնաւորներն ու աշխարհականները որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսւի սիրոյն համար։ Այս օրը բարեպատեհ առիթ մը եղաւ մասնաւորապէս ոգեկոչելու 2008ին Օրիսա մարզի մէջ նահատակուած ու հալածուած քրիստոնեաները, Ինտու մոլեռանդներու կողմէ։ Գերապայծառ Մարգեթի՝ քարտուղարը գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին, ըսաւ թէ տառապանքէն ու հալածանքէն կը ծնի հաշտութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.