2010-09-01 13:13:52

Թուրք Նախարարին Այցը Հայկական Անին


Թուրքիոյ պետնախարարը՝ Ջեւդէթ Եըլմազ այցելած է ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող՝ Ժ.-ԺԱ. դարերուն Հայաստանի մայրաքաղաք հանդիսացած՝ Անին, եւ թուրք լրագրողներու մօտ չէ կարողացած թաքցնել իր տպաւորութիւնները։

Թուրք պետական նախարարը այցելած է Կարս, այնուհետեւ Կարսի փոխ նահանգապետի հետ շրջած՝ Անի, եւ տեղեկութիւններ ստացած՝ անոր պատմութեան մասին ։ Անիի գեղեցկութեամբ տպաւորուած՝ պետնախարար Ջեւդէթ Եըլմազ թուրք լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է. ՜՜Անին հրաշք է, բաւական տպաւորիչ վայր մը։ Մետաքսի ճանապարհին կառուցուած այս վայրին մէջ բաւական զարգացած եղած է ճարտարապետութիւնը, Անին Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան զարգացման համար մեծ ներուժ ունի եւ պէտք է այն բնականին շատ մօտ վերականգնել՝՝։

Լրագրողներէն մէկուն դիտարկմանը, թէ ՜՜չնայած Հայաստանը Անիէն ընդամէնը մէկ գետ կը բաժնէ, սակայն Հայաստան երթալու հարկաւոր է 10 ժամ, պետնախարարը պատասխանած է. ՜՜Մեր ադրբեջանցի եղբայրներու հետ տարածաշրջանային խաղաղութեան շրջագծին մէջ օր մը Հայաստանի հետ սահմանը կը բացուի։ Սահմանի բացումը նպաստաւոր է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ Հայաստանի համար։ Ներկայիս Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խնդիրներ կան։ Յուսանք յաղթահարել զանոնք եւ այս տարածաշրջանը բարգաւաճի եւ ազատ տեղաշարժելու համար միջավայր ստեղծուի, սակայն այդ ամէնուն հասնելու համար՝ - ամփոփած է Ջեւդէթ Եըլմազ- պէտք է քայլեր առնուին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.