2010-08-31 12:48:44

Վրաստանի Պատրիարքը Պատրաստակամութիւն կը յայտնէ եկեղեցական Հողատարածքներ նուիրելու` երկրի բնակիչներուն:


Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-Պատրիարքը Իլիա Բ. պատրաստակամութիւն յայտնած է երկրի բնակիչներուն յանձնելու եկեղեցապատկան հողատարածքներ, որպէսզի անոնց վրայ գիւղական յատուկ բնակավայրեր կառուցուին։ Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իլիա Բ . 29 Օգոստոսին, Թիֆլիսի Սուրբ Երրորդութեան տաճարին մէջ իր արտասանած քարոզին ընթացքին յայտնած է, որ վրացական եկեղեցին իր տնօրինութեան տակ ունի քանի մը հազար հեկտար հող։ Ես պատրաստ եմ նուիրելու այդ հողերը մարդոց, որոնք անոնց վրայ պիտի ստեղծեն 21-րդ դարու գիւղեր։ Այդ մասին ես մէկ անգամ չէ որ խօսած եմ երկրի նախագահին, եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Անոնք պատրաստ են այս նախաձեռնութիւնս կեանքի կոչելու ։







All the contents on this site are copyrighted ©.