2010-08-31 14:39:58

Սարոյեանի Գործը Նիւ Եորքի Մէջ Խլեց Ջերմ Ծափեր


Նիւ Եորքի մէջ վերջերս բեմադրուեցաւ Ուիլիամ Սարոյեանի Սիրտս լեռներուն մէջ գործը։
Սարոյեանի այս գործը աշխարհով մէկ, 1939 թուականէն ի վեր բեմ բարձրացած է, յատկապէս Հայաստանի մէջ։
1970ական թուականներուն, Սարոյեան այցելած էր Հայաստան ու Սունդուկեանի մայր թատրոնին մէջ Վարդան Աճէմեանի կողմէ բեմադրուած իր այս ներկայացումէն մեծապէս տպաւորուած այսպէս ըսած էր Կարճ պատմութիւն մը ես գրեցի, դուն զայն վերածեցին մեծ ներկայացման։

Արա Տինքճեանի Ելոյթ Կ'ունենայ Քսանթիի Մէջ
Քսանթիի հայ գաղութի եւ տեղւոյն մշակութային միութեան համագործակցութեամբ բացառիկ համերգ մը կիրականացնէ համբաւաւոր սիրուած երգիչ ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆը։
Ուտի վարպետի ելոյթը ծրագրուած է 7 Սեպտեմբեր 2010ին, Քսանթիի քաղաքապետական ամփիթատրոնէն ներս ։







All the contents on this site are copyrighted ©.