Հայաստան 2010-ի ընթացքին 7 նոր դեսպանատուներ կը բանայ արտերկրի մէջ։ Այս նպատակի
իրագործման համար Հայաստանի Կառավարութիւնը Օգոստոս 26-ին կայացած նիստին, որոշեց յատկացնել
96 միլիոն 600 հազար (շուրջ 260 հազար տոլար) Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան։
Դեսպանութիւններու ֆինանսաւորումը պիտի իրագործուի դեսպանութիւններու պահպանման ծախսերու
համար նախատեսուած գումարի շրջագիծէն ներս։