2010-08-30 14:11:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Սեպտեմբեր Ամսուայ Աղօթքի Ընդհանուր Եւ Միսիոնարական դիտաւորութիւնները։


Սեպտեմբեր ամսոյն համար Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը մասնաւորապէս աղօթելու.

- որպէս աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւն` ՜՜Աստուծոյ խօսքը նշան ընկերային բարգաւաճումին՝՝։ Որպէսզի թերաճ երկիրներուն մէջ Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը վերանորոգէ սիրտը անհատներուն, քաջալերելով զանոնք ըլլալու ռահվիրաները ճշմարիտ ընկերային զարգացումին եւ բարգաւաճումին։

- իսկ որպէս միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն` ՜՜վերջ՝ պատերազմին՝՝ ։ Որպէսզի սիրտը բանալով սիրոյ, վերջ դրուի բազմաթիւ պատերազմներու եւ ընդհարումներու, որոնք տակաւին կ'արիւնեն աշխարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.