2010-08-30 13:37:04

ՀՕՄը Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու 63րդ Խորհրդաժողովին


Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ՝ Սուզի Սարաֆեան, Լուսի Բամբալեան, եւ Գարոլին Քըվըրեան պիտի միանան աւելի քան 2000 համաշխարհային ընկերային հասարակութեան ջատագով գործիչներու՝ ՄԱԿի Հանրային Տեղեկութեանց բաժնմունքի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տարեկան 63րդ խորհրդաժողովին, որուն բնաբանն է. «Բարելաւել համաշխարհային առողջութիւնը. իրագործել հազարամեակի զարգացման նպատակները» ։

Եռօրեայ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքի համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ, Երկուշաբթի 30 Օգոստոսէն մինչեւ Չորեքշաբթի մէկ Սեպտեմբեր 2010։ Անիկա կազմակերպուած է ՄԱԿի հանրային տեղեկութեանց բաժնի վարիչ տնօրէնութեան եւ Աւտրալիոյ կառավարութեան կողմէ։

Խորհրդաժողովը կը միտի քննարկել միջոցառումներ, որոնցմով ընկերային հասարակութիւնը, առեւտրական, կրթական, մարդասիրական, լրագրական եւ բժշկական մարզերու մէջ աշխատողներու հետ գործակցաբար, կարենայ յառաջացնել այնպիսի պայմաններ, որ կարելի ըլլայ ժողովուրդներու առղջութիւնը համաշխարհային տարողութեամբ բարելաւել։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը զօրավիգ կը կանգնի համաշխարհային առողջութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն, աղքատութեան վերացման միտող ծրագիրներ կիրարկելով, քաջալերելով մարդկային իրաւունքներու տարածումը, եւ նպաստելով տարրական կրթութեան, առողջապահութեան, կիներու իրաւունքներուն ու երեխաներու բարօրութեան։

Հիմնուած 1910ին, ՜՜Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝՝ մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որուն աւելի քան 15 հազար անդամները կը գործեն 29 տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ Աւստրալիան՝ իր աւելի քան 300 անդամներով։ Իբրեւ պաշտօնական ճանաչումի տէր ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, ՀՕՄը անդամ է ՄԱԿի Ընկերային ու տնտեսական խորհուրդին (Economic and Social Council of the United Nations).

«Այս տարի (2010-ին) ՀՕՄը կը նշէ իր հարիւրամեակը, որ կը յիշատակուի «դար մը ամբողջ ծառայութիւն» լոզունգով», կ՝ըսէ Աւստրալիոյ ՀՕՄի ատենապետուհին Սուզի Սարաֆեան աւելցնելով. ՜՜Մեր երկրորդ հարիւրամեակին, պիտի շարունակենք անշեղօրէն աշխատիլ մեր «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» լոզունգին սկզբունքով՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.