2010-08-29 14:37:33

՜՜Հայոց Ա. Տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի՝՝ Անուան Մետալը''Տոքթ Զաւէն Եկաւեանին


Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի Ղեկավար, Լեզուաբան Ու Մշակութային Գործիչ Զաւէն Եկաւեանին Շնորհուած է ՜՜Հայոց Ա. Տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի՝՝ Անուան Մետալը։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի նիստերու սրահին մէջ 24 Օգոստոսին տեղի ունեցած է հանդիպում ,Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժնի ղեկավար, լեզուաբան, մշակութային գործիչ Տոքթ. Զաւէն Եկաւեանի հետ: Հայ մշակոյթին՝ Մայր հայրենիքի եւ Սփիւքի մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Ազգային գարդարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան Պրն. Եկաւեանին շնորհած է ՜՜Հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի՝՝ անուան մետալ: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայաստանի Ազգային գրադարանի գիտական խորհուրդի անդամներ, մտաւորականներ եւ , հասարակական գործիչներ Հայաստանին եւ Սփիւռքէն:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնը խօսք առնելով համառօտ ներկայացուցած է Զ. Եկաւեանի գործունէութեան շրջանակները: Բարեգործական ծրագիրներէն' Դաւիթ Սարգսեան յատկապէս շեշտած է անոր մեծ ներդրումը գրահրատարակչական եւ գրադարանային գործին մէջ:

- Այսօր սփիւռքում առկայ ամենամեծ` հայապահպանութեան խնդիրը մենք փորձում ենք լուծել Զաւէն Եկաւեանի նման անհատների միջոցով,- ըսած է Դ.Սարգսեան: Ան Եկաւեանի գիտական գործունէութեան մէջ զատորոշեց ներդրումը լեզուաբանութեան մէջ, նշելով անոր հեղինակած ՝ ՜՜Հնդեւրոպական լեզուներու բառապաշարը եւ հայերէնի տեղը՝՝ (1975), ՜՜Ֆրանս-հայերէն բառարանագրութիւնը 19-րդ դարուն՝՝ (1976), ՜՜Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ բառարանագրութիւնը՝՝ եւ այլ գիրքեր:

Իր կարգին պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեան ըսած է. ՜՜Գալուստ Կիւլպէնկեան՝՝ հիմնադրամի` Հայաստանի նկատմամբ ունեցած մեծ ուշադրութիւնը պայմանաւորուած է Զ. Եկաւեանի աշխուժ գործունէութեամբ եւ ազգանուիրումով: ՜՜Նրա ջանքերով կեանքի կոչուեցին այնպիսի կարեւոր հրատարակութիւններ, որոնցից է Նիկողայոս Ադոնցի Երկերի 5 հատորեակը, Յակոբ Մանանդեանի Երկերի 7րդ հատորը, մինչդեռ 6րդը՝ հրատարակուել է 25 տարի առաջ: Զաւէն Եկաւեանն առաջարկել է տպագրել նաեւ 8-րդ հատորը՝՝ ըսած է Պետրոս Յովհաննիսեան` Զաւէն Եկաւեանին նուիրելով՝ Նիկողայոս Ադոնցի Երկերու առաջին հատորը:

Զ.Եկաւեանի նուիրումի, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան մասին խօսած է հասարակական-մշակութային սփիւռքահայ գործիչ Ժիրայր Դանիէլեան ըսելով. ՜՜Զաւէն Եկաւեան երեւոյթը հազուագիւտ է մեզանում, ընդհանրապէս նա սոսկ գրքի հրատարակման մեկենաս չէ, այլ հրատարակութեան նախաձեռնութեան հեղինակ՝՝։

Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Աւիկ Իսահակեանը խորհրդանշական համարած է այն փաստը, որ նման հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի Ազգային գրադարանը: ՜՜Այս հարկի ներքոյ շատ նշանաւոր անհատներ են հիւրընկալուել, ըսած է ան, սակայն այս մէկը բացառիկ է, քանզի Զաւէն Եկաւեանի ջանքերով վերջին երեք տասնամեակներին Հայաստանը ստանում է արտերկրում հրատարակուած բարձրարժէք, հազուագիւտ հրատարակութիւնները: Յառաջիկային Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէնութիւնը նոյնպէս պիտի պարգեւատրէ Զաւէն Եկաւեանը:

Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութեան տնօրէն Պերճ Ստեփանեան յիշած է. ՜՜ Զ. Եկաւեանը ուսանողական տարիներին յաճախ էր լինում մեր տանը, օգտւում հօր` գրականագէտ, թատերագէտ Գառնիկ Ստեփանեանի հարուստ գրադարանից: ՜՜Ես այդ ժամանակ հասկացայ, թէ ինչ է նշանակում սէրը գրքի նկատմամբ՝՝ ըսած է ան։

Իսկ Զաւէն Եկաւեան իր խօսքին մէջ ըսած է թէ յաջողութիւններու համար պարտական է Հայաստանի Ազգային գրադարանին. նշելով ՜՜ գրքի հրատարակութիւնը ֆինանսաւորելը հերոսութիւն չէ, այլ մեր պարտքն է` պահպանել հայ գիրը, մշակոյթը: Իսկ առանց տպագիր ժառանգութեան չի պահպանուի մեր մշակոյթը: ,Մենք բոլորս Մեսրոպ Մաշտոցի զինուորներն ենք՝՝ այսպէս ամփոփած է Զ.Եկաւեան իր շնորհակալական խօսքը։

Ապա ան ծանօթացած է Ազգային գրադարանի մէջ պահպանուող եզակի հրատարակութիւններուն եւ ընթերցասրահներուն: Գրադարանին մէջ բացուած ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ , ներկայացուած էին Զ.Եկաւեանին նուիրուած յօդուածներ` տպագրուած տարբեր թերթերու մէջ:

Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի անկախութեան հռչակման 18-րդ տարեդարձի առթիւ, լայնածաւալ հայրենանուէր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի բնագաւառի մէջ ներդրած ծանրակշիռ աւանդին համար Զաւէն Եկաւեան պարգեւատրուած







All the contents on this site are copyrighted ©.