2010-08-28 12:05:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Դատապարտէ Ահռելի Բռնութիւնները, Եւ Միաժամանակ Կոչ Կ'ուղղէ Մարդու Իրաւունքներու Յարգանքին։


Ի լուր Սոմալիոյ արիւնալի բռնութիւններուն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դատապարտեց մարդու դէմ գործադրուած ահուսարսափ առթող սաստկութիւնները, որոնք տեղի կ'ունենան մոլեռանդ իսլամներու կողմէ Սոմալիոյ կառավարութեան ոյժերու դէմ Մոկատիշոյի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան որպէսզի նպաստեն կեանքի ու մարդու իրաւունքերու վերահաստատումին։

՜՜Իմ միտքս կ'երթայ Մոկատիշօ, ուրկէ կը շարունակուին հասնիլ ահուսարսափ առթող բռնութիւններու արարքներու լուրերը։ Եւ միաժամանակ իմ զօրակցութիւնը եւ մօտիկութիւնը կը յայտնեմ զոհերու ընտանիքներուն ու ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին ոխի եւ անկայունութեան հետեւանքով։ Նորին Սրբութիւնը կը յուսայ որ միջազգային հասարակութեան միջնորդութեամբ՝ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սոմալիոյ մէջ։ Յայտնենք թէ 23 օգոստոսէն ասդին ''շեպապ'' կոչուած մոլեռանդ մահմետականներու շարժումը, որ ''ալ գայիտայի՝՝ մէկ ճիւղաւորումն է, բուռն յարձակում կը կատարէ կառավարական ոյժերու դէմ իշխանութեան տիրապետելու նպատակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.