2010-08-28 11:59:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


՜՜Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի Փաստատուղթերու Մեկնաբանութիւնը՝՝ Նիւթը Պիտի Հանդիսանայ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Երբեմնի Ուսանողներուն։ 
Հաւատարիմ հաստատուած աւանդութեան մը երբ աստուածաբանութեան դասախօս էր Ռադիսպոն համալսարանի մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 27-29 Օգոստոս 2010-ին քահանայապետական ամառանոցին մէջ պիտի ընդունի իր երբեմնի աստուածաբանութեան ուսանողները։ Այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթն է. ՜՜Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Փաստատուղթերու Մեկնաբանութիւնը՝՝ ։
Այս տարուայ ուսումնաժողովին կը մասնակցի գերապայծառ Քուրդ Քոշ` Պալի երբեմնի թեմի առաջնորդը եւ նոր նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Գերապայծառ Քոշ` երկու անգամ խօսք պիտի առնէ։ Ռացինկերի հին աշակերտներէն կը մասննակցին նաեւ Վիեննայի առաջնորդը կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորն եւ Համպուրկ թեմի տեղապահ եպիսկոպոսը գերապայծառ Ժասք։
Օգոստոս 28ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ամբողջ օրը իր նախկին սաներուն հետ պիտի անցնէ։ Օգոստոս 29ին պիտի համապատարագէ անոնց հետ։
Յայտնենք թէ Ռացինկեր դասախօսի հանդիպումը իր աշակերտներու հետ սկիզբ առած էր 40 տարի առաջ 1970ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: 







All the contents on this site are copyrighted ©.