2010-08-28 12:19:25

ԹՈՒՐՔԻԱ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ՝ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՄԸ Կ՛ՈՒԶԷ ։


Թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիա Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանին ներկայացուած Հրանդ Տինքի դատական հարցին բարեկամական լուծում մը տալու վրայ կեդրոնացած է։
Ան ըսած է, որ իր երկիրը կը ծրագրէ արդի եւ միջազգային օրէնքին համահունչ կարգ մը քայլեր առնել Տինքի դատական հարցին նման շարք մը հարցեր լուծելու համար։ ՝՝Մասնաւորապէս բարեկամական լուծումի մը մասին կը մտածենք՝՝ ըսած է ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ։ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Հրանդ Տինքի հարցով Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանին ներկայացուած թղթածրարը կը բովանդակէ վարկածներ, որոնցմէ մէկը կ՝առնչուի ապրելու իրաւունքին, իսկ միւսը՝ խօսքի ազատութեան։
Պետութիւնը առանց վիճելու պէտք է կատարէ ապրելու եւ խօսքի ազատութեան վերաբերեալ իր բոլոր պարտաւորութիւնները (նշած է Տաւութօղլու) աւելցնելով, որ Թուրքիա երկրին մէջ խօսքի ազատութիւնը ընդլայնելու քայլեր առած է։ Միւս կողմէ, ՝՝Սի.Էն.Էն.Թիւրք՝՝ կը հաղորդէ որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալայ յայտարարած է, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Տինքի սպանութեան գործով պաշտպանական ճառը ՝՝յետս պիտի կոչուի՝՝։ Ըստ թուրք նախարարին, պաշտպանական նոր զեկուցումը պիտի ներառէ Հրանդ Տինքի ընտանիքին հետ փոխ-համաձայնեցուած առաջարկ մը։ Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած ՝՝պաշտպանական ճառը՝՝ քննարկուած է Թուրքիոյ ներքին գործոց, արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն միջեւ, իսկ հետագային քննարկման միացած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, եւ որոշում տրուած է փոխելու պաշտպանական ճառը։ Ընդգծենք որ Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարած էր, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կանխելու համար պետութիւնը ոչինչ ձեռնարկած է, եւ այդ յայտարարութենէն քանի մը օր ետք իր մօտ հրաւիրած է Հրանդ Տինքի եղբայրը՝ Խոսրովը։ Արտաքին Գործոց Նախարար Տաւութօղլու իր կարգին յայտարարած էր, որ ինք տեղեակ չէ եղած եւ չէ ստորագրած Տինքի հարցով Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանին թրքական պետութեան կողմէ ուղարկուած պաշտպանական ճառը, ուր Տինքը կը բաղդատուի նոր նացիականի մը հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.