2010-08-27 12:35:01

Տաթեւի Եկեղեցական Համալիրին Կից Առաջին Հիւրանոցները Կը Բացուին 2013-ին։


Տաթեւի եկեղեցական համալիրին կից առաջին հիւրանոցները պիտի բացուին 2013 թուականին, իսկ այդ ընթացքին կը ծրագրուի աւելցնել զբօսաշրջիկներու թիւը եւ զարգացնել Նորավանքէն դէպի Գորիս ձգուող հարաւային միջանցքը (ըսած է Հայաստանի մրցակցութեան ազգային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Բեկոր Փափազեանը)։
Հայաստանի հիւրանոցներու բարձր գնային քաղաքականութեան մասին խօսելով, ան ըսած է որ ատիկա կը բացատրուի այդ բնագաւառի ոչ մեծ պահանջարկով։ ՝՝Զբօսաշրջիկների քանակը երկրում եթէ կտրուկ աճի, ապա կ'աճի նաեւ հիւրանոցների քանակը, մրցակցութիւնը կը բարձրանայ, եւ խոշոր գործարարները մատչելի լինելու քաղաքականութիւն կը վարեն, ՝՝աւելցուցած՝Բեկոր Փափազեան։
Հայաստանի հիւրանոցներու ընկերակցութեան նախագահի տեղակալ Յակոբ Յակոբեանը, իր կարգին ըսած է որ զբօսաշրջային այլ երկիրներու մէջ, ինչպիսի են, օրինակ՝ Թուրքիան եւ Վրաստանը, ուր կը նախընտրեն հանգստանալ հայ զբօսաշրջիկները, հարկային դաշտը աւելի նպաստաւոր է զբօսաշրջութեան զարգացման համար։ Իսկ Հայաստանի զբօսաշրջային մէկ այլ կազմակերպութեան նախագահի համաձայն Հայաստանի հիւրանոցները ծանրաբեռնուած են ընդամէնը 25-30 տոկոսով, քանի որ գիները կը սահմանուին օդէն եւ ատիկա կը խրտնեցնէ զբօսաշրջիկները։







All the contents on this site are copyrighted ©.