2010-08-27 12:42:31

«ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 1915-ԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԱԾ Է»
Կ՛ԸՍԷ ԻՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ։


՝՝՝ԻՐՆԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխ-նախագահ, Իրանի մշակոյթի ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ՝ Համիտ Պաղայի ՝՝Իրան Յաղթանակի կամուրջ՝՝ համագումարի ընթացքին յայտարարած է, որ Օսմանեան կառավարութիւնը շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին որոշ քանակութեամբ հայերու դէմ Ցեղասպանութիւն իրագործած է, եւ թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւնը գոյութիւն չունի, սակայն Հայաստան տակաւին Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ ան այդ խնդիրին համար պաշտօնապէս ներում հայցէ եւ հատուցում վճարէ։ Համագումարը տեղի ունեցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին դաշնակիցներու կողմէ Իրանի գրաւման 70-ամեակին առիթով։ Իրանի փոխ-նախագահը նաեւ նշած է, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Իրանի հասցուած վնասներուն վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու համաձայն, այդ խնդիրը միջազգային հանրութեան մէջ իրաւական հետեւանքներ պէտք է ունենայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.