2010-08-26 12:13:57

ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ


Ստեղծագործութիւն
Հիմնուելով Սուրբ Գրքին եւ Հայրերու Աւանդութեան վրայ, քրիստոնեայ կրօնքը մեզի կը սորվեցնէ թէ Աստուած ստեղծած է աշխարհը, այսինքն.
­ Առանց կազմելու աշխարհը ինքիր բնութենէն, ինչ որ կ՛ուսուցանեն համաստուածեանները, որոնց համար ամէն ինչ որ ստեղծուած է` մաս կը կազմէ աստուածային բնութեան, Աստուծոյ մէկ մասնիկն է.
­ Առանց օգտագործելու որեւէ նախապէս գոյութիւն ունեցող տարր մը, ինչպէս կը սորվեցնեն հին փիլիսոփայութիւնները, Արիստոտէլ, Պղատոն եւ արեւելեան կարգ մը կրօններ, ինչպէս Հինտուիզմը եւ պարսիկներու զրադաշտական կրօնը, ըստ որոնց Աստուած, ստեղծելու համար, օգտուած է յաւիտենապէս գոյութիւն ունեցող նիւթէն.
Աստուած յառաջ բերաւ աշխարհ մը որ բնաւ գոյութիւն չունէր։ Ան ստեղծեց աշխարհը ոչինչէն։ Ստեղծագործութիւնը արարք մըն է որով Աստուած, առանց նախանիւթի, առանց գործիքի, առանց ինքիրմէ բան մը կորսնցնելու, իրագործած է առանձին համայն տիեզերքը, զայն նախապէս ամբողջութեամբ իր մտքին մէջ ձեւա-ւորելէ ետք, եւ կը շարունակէ զայն կեանքի մէջ պահել։
Ուստի միակ սկզբնական արարք մը չէ, որով Աստուած, ստեղծելէ ետք ախշարհը, այլեւս չի զբաղիր անորմով, այլ տեւական արարք մըն է որ ամէն վայրկեան կեանքի մէջ կը պահէ ամէն ինչ. Անձերը, անասունները, բոյսերը, առարկաները, աստղերը... ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի տիեզերքի մէջ։
Բոլոր տիեզերքը ունի որպէս պատճառ գոյութեան եւ գոյատեւման զԱստուած եւ ուրիշ ոչ մէկ էակ, ահա այս է քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումը։ Հետագային պիտի տեսնենք թէ գիտութիւնը անկարող է աշխարհի սկզբնական պատճառը գտնելու, ուստի եւ չի կրնար դրժել աստուածային ստեղծագործութիւնը։ Իրական փիլիսոփայութիւնը կրնայ սակայն փաստել Աստուծոյ միջամտութիւնը ստեղծագործութեան մէջ, առանց հաւատքի տուեալներուն դիմելու։
Նախ ընդունելու ենք որ մեր մարդկային խելքով` երբեք պիտի չկարենանք ըմբռնել ստեղծագործութիւնը այնպէս որ է իրապէս. Արարք մըն է որ ամբողջովին կը գերա-զանցէ մեր խելքին կարողութիւնները։
Կը խօսուի մեծ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու մասին, բայց իրականութեան մէջ` ամենահանճարեղ նկարիչն անգամ ստիպուած է օգտագործելու գոյները ինչպէս նաեւ վրձին մը իր նկարին կատարելագործման համար։ Ինչ որ ընէ, ամէն մարդ ստիպուած է օգտագործելու զանազան նիւթեր, զորս կը գտնէ երկրի վրայ. Մարդուն բոլոր գործունէութիւնը ուրիշ բան մը չէ եթէ ոչ նորութիւն մը յառաջ բերել զանազան նիւթեր օգտագործելով. Ուստի մարդս գիւտարարութիւն կ՛ընէ, կ՛ընդդօ-րինակէ, կը հաւաքէ ու կը կազմէ բայց չի ստեղծեր։
Այս եզրակացութենէն ետք` հարկ է որ համակերպինք որ լիուլի չենք կրնար հասկնալ Աստուծոյ գործը, քանի մենք կարող չենք իրեն նման աշխատելու։
Իսկ անոնք որ կը ժխտեն զԱստուած եւ կ՛ըսեն թէ նիւթը յաւիտենական է, - ասիկա գաղափարն է նիւթապաշտներու եւ համայնավարներու - երբեք չեն կրնար փաստել իրենց ըսածը, որովհետեւ իրականութեան մէջ` նիւթը ենթակայ է մահուան եւ փճացու-մի. Իսկ Աստուած չի կրնար ոչ անյետանալ, ոչ ալ մեռնիլ։
Մենք կը հաստատենք թէ Աստուած արարիչն է երկնքի եւ երկրի, երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր էակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.