2010-08-25 14:05:10

Ֆրանսահայութեան Թերթ Նոր Յառաջը Արդէն Հրատարակեց Իր 100րդ Թիւը։


Այս առիթով ՜՜Նոր Յառաջ՝՝ կոչ կ'ուղղէ բոլոր հայերուն, որոնք կուզեն բաժանորդագրուիլ, անդամակցիլ կամ ընդհանրապէս մասնակցիլ թերթի աշխատանքներուն, որպէսզի նոր օգնականներ ապահովուին։

Նոր Յառաջը նոր ծրագիրներ մշակած է, որոնց իրականացումը կը պահանջէ լրացուցիչ ուժերու գործակցութիւնը։ Այսպէս յաջող մեկնարկ մը ունեցած է մանկապատանեկան յաւելուածը՝ Կրիան եւ արագիլը, ուր գծանկարողի, ինչպէս նաեւ դպրոցներու հոգաբարձութեանց, տնօրէնութեան, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ հայրենակիցներու հետ հաղորդակցութիւն հաստատող անձերու կարիքը կը զգացուի։ Կարիքը կը զգացուի նաեւ անձերու որոնք պիտի ստանձնեն գեղարուեստական ելոյթ մը, դասախօսութիւն մը, ճամբորդութիւն մը, կամ հայկական հաւաքական կեանքի որեւէ դրսեւորման արձանագրութիւնը պահելու եւ թերթի խմբագրութեան փոխանցելու պարտականութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.