2010-08-25 13:47:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜ԳասթելԿանտոլֆօ՝՝ քահանայապետական ամարանոցի առաքելական պալատին մէջ։
Չորեքշաբթի Օգոստոս 25` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հարիւրաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ՜՜ԳասթելԿանտոլֆօ՝՝ քահանայապետական ամարանոցի առաքելական պալատը։
Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ այս շաբաթը մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու այս շաբաթուայ սուրբերուն եւ մասնաւորապէս սրբուհի Մոնիքայի եւ սուրբ Օգոստինոսի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատացեալները կանչուած են միշտ վստահելու Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն վրայ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով՝ այս շաբաթուան ընթացքին յիշուող Սուրբերու մասին։
Նորին սրբութիւնը մասնաւորապէս ներկայացուց Սրբուհի Մոնիքան` մայրը սուրբ Օգոստինոսի եւ անոր որդին սուրբ Օգոստինոսը։
Ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց ըսելով. ՜՜ձեզի ծանօթ բոլոր սուրբերը, ինչպէս անոնք որոնց անունը կը կրէք, թող ձեզի համար ըլլան օրինակ եւ առաջնորդ միշտ աւելի սիրելու Տէրը եւ ձեզի օգնական ըլլան մարդկային ու հոգեւոր աճումին համար։
Սրբազան Հայրը սիրալիր ողջոյն մը ղրկեց լեհերուն մատնանշելով որ վաղը` հինգշաբթի օրը Չեսդոխովայի Տիրամօր տօնն է։ Անոր հովանաւորութեան կը յանձնեմ ձեզ եւ ձեր ընտանիքները, եկեղեցին եւ համայն ազգը, եւ սրտանց կ'օրհնեմ բոլոր անոնք որոնք այս օրերուն Եասնա Կորա հաւաքուած են, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով. ՜՜Թող սուրբ Օգոստինոսի օրինակը յարուցէ ձեր մէջ սէրը հանդէպ Քրիստոսին, լաւագոյն վկայութիւն տալու Աւետարանին։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խրախուսելով զանոնք խորանալու կրօնուսուցման մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.