2010-08-25 14:03:22

Շուէտի Դեսպանը Կ'աւարտէ Հայաստանի Մէջ Իր Առաքելութիւնը


ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Հանս Ատենը՝ Հայաստանի մէջ վերջինիս դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շուրջ։ Դեսպանին խնդրանքով անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ հարցերու։

Հանդիպման աւարտին Է Նալբանդեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալով պարգեւատրեց Հանս Կունար Ատենը՝ հայ-շուէտական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ անոր կատարած ներդրումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.