2010-08-24 11:04:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հովուական Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Անգլիա


Ամէն Բան Պատրաստ Է Սրբազան Քահանայապետը Ընդունելու։
Խիտ Յայտագիր Մը 16 Ճառերով։
Այցելութիւն Թագուհիին Սկովտիայի Մէջ։
Համամիութենական Ծիսակատարութիւն Անկլիգաններու Հետ, Լոնտոնի Մէջ։ Կարտինալ Նիւմանի Երանացումը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կողմէ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Անգլիա այցելութենէն մէկ ամիսէն նուազ, արդէն ամէն ինչ պատրաստ է լաւագոյն կերպով ընդունելու Սրբազան Քահանայապետը։ Ատիկա պիտի ըլլայ Նորին Սրբութեան 17րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
Հովուական այցելութեան բնաբանն է. ''սիրտը կը խօսի սիրտին'' ներշնչուած՝ կարտինալ Հանրի Նիւմանի կարտինալական բնաբանէն, որ Սրբազան Քահանայապետը սեպտեմբեր 20-ին երանելի պիտի հռչակէ Պիրմինկամի մէջ, նախքան Հռոմ վերադարնալը։
Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ չորս քաղաքներ. Էտիմպուրկ, Կլասքով, Լոնտոն եւ Պիրմինկամ։
Նախատեսուած են 16 ճառեր ներառեալ քարոզներն ու ողջոյնի խօսքերը։
Նորին Սրբութիւնը Անգլիա կը հասնի 16 սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 10.30ին ՜՜Էտիմպուրկ՝՝ միջազգային օդակայանը, ուր Հոլիրուտհաուզի արքայական պալատին մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Եղիսաբէթ թագուհիին հետ։
Յետմիջօրին Նորին Սրբութիւնը իր առաջին պատարագը պիտի մատուցէ Կլասկոյի Պելահաուսդոնի այգիին մէջ։ Ատիկա պիտի հանդիսանայ աղօթքի եւ հոգեւորութեան մեծ պահ մը երկրի կաթողիկէներուն համար, քանի այն օրը տօնն է Նինեան սուրբին` պաշտպան սուրբը ու լուսաւորիչը Սկովտիայի։ Ծիսակատարութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը օդանաւով Լոնտոն պիտի մեկնի։
Ուրբաթ որը,առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ կաթողիկէ դաստիարակիչներուն հետ Սան Մարիս ճեմարանին մէջ։ Այդ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը պիտի ուղղէ երկրի զանազան կրօններու համայնքապետերուն։ Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքացիական իշխանութիւններու, համալսարանական, մշակութային եւ գործարարներու աշխարհին, դիւանագիտական մարմնի ու կրօնապետերու հետ ՜՜Ուեսթմինսդեր՝՝ դահլիճին մէջ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Ուեսթմինսդերի աբբայարանին մէջ համամիութենական հանդիպում պիտի ունենայ անկլիգան համայնքին հետ։
Շաբաթ առաւօտ Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ երկրի նախարարապետ Դաւիթ Գամերոնին հետ արքեպիսկոպոսական պալատին մէջ։ Ապա Սրբազան հայրը հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքական զանազան պատասխանատուներու հետ։
Ժամը 10-ին Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ Քրիստոսի թանկագին արեան նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Յետմիջօրէին նախ Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ տարեցներու հանգստեան տունը ապա երեկոյեան պիտի գխաւորէ Հայտ Բարքին մէջ, աղօթքի հսկումը։
Յաջորդ օրը կիրակի 19 սեպտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը Պիրմինկամի դաշտին մէջ պատարագ կը մատուցանէ եւ երանելի պիտի հռչակէ մեծ մտաւորական ու աստուածաբան կարտինալ Փոլ Նիւմանը։
Կէսօրին Անգլիոյ եպիսկոպոսներուն հետ ճաշելէ ետք, Հռոմ պիտի ուղղուի։ Պենետիկտոս ԺԶ.՝ երկրորդ Քահանայապետն է որ Անգլիան կ'այցելէ։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը Անգլիա այցելած էր 1982ի 28 մայիսէն 6 յունիս։







All the contents on this site are copyrighted ©.