2010-08-24 11:04:24

''Ասիայի Կաթողիկէ Աշխարհականներու Հաւաքը'' Զարկ Տալու Ցամաքամասի Աւետարանութեան։


Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը Ասիոյ կաթողիկէ աշխարհականներըժողովի կանչած է , յառաջիկայ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 5 Սեպտեմբեր, ունենալով որպէս բնաբան ''Հռչակենք Քրիստոսը Ասիայի մէջ''։
Համագումարը կազմակերպուած է Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եւ աշխարհականներու ազգային խորհուրդի կողմէ. անոր կը մասնակցին աւելի քան 400 հոգի։ Զեկոյցները կը կեդրոնան հետեւեալ նիւթերու շուրջ.
Առաջին Եկեղեցւոյ 2000 տարուայ առաքելութիւնը Ասիայի մէջ`Աւետարանութեան, սրբութեան, նահատակութեան զանազան եղանակներ։
Երկրորդ Յիսուս Քրիստոս` պարգեւ մըն է Ասիայի` այսօրուան աւետարանութեան պահանջը, պարտականութիւնը եւ մարտահրաւէրը։
Սեպտեմբեր 5-ին հանդիսաւոր պատարագով փակումը կը կատարուի հաւաքին, որուն աւարտին բոլոր ժողովականները պիտի ընդունին առաքելական-միսիոնարական հրահանգ, որպէս նշան իրենց յանձնառումին՝ ՜՜քարոզելու Աւետարանը Ասիայի բոլոր ժողովուրդներուն՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.