2010-08-23 11:59:31

Փրոֆ. Ալեն Յովնանեանի Այցը Լիբանան


Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով Լիբանան այցելեց ֆրանսահայ գիտնական Փրոֆ. Ալեն Յովնանեան, որ ծինաբան է Փարիզի Ռընէ Տեքարթի անուան համալսարանին մէջ եւ կ'աշխատի Նեքեր մանկական հիւանդութեանց հիւանդանոցի մէջ։

Վեհափառին հետ հանդիպումի մը ընթացքին փրոֆ. Յովնանեան ներկայացուց իր աշխատանքները, Սուրիա եւ Լիբանան ունեցած եւ ունենալիք գիտական առաքելութեան բնոյթն ու հետապնդած նպատակները։ Ան մասնագէտը ըլլալով ծինային գիտական աշխարհին, խօսեցաւ արդի ձեռքբերումներուն մասին։

Վեհափառը իր գնահատանքն ու ուրախութիւնը յայտնեց հայազգի գիտնականին լուրջ ծրագիրներուն եւ գործունէութեան առնչութեամբ։ Անդրադարձաւ աստուածաբանական, մարդաբանական ու բարոյագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներուն, որոնք սերտ կերպով կառնչուին արդի գիտութեան նուաճումներուն եւ անոնց սխալ գործածութեան վնասներուն կամ հետեւանքներուն։ Այսուհանդերձ, վեհափառը իր օրհնութիւնը բաշխեց նոր ծրագիրներու իրականացման եւ յաջողութեան համար։ Յիշենք, որ փրոֆ. Յովնանեան մէկ շաբաթ պիտի մնայ կաթողիկոսարան եւ լիբանանահայ համայնքին ծանօթանայ ու ծանօթացնէ իր ծրագիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.