2010-08-23 11:58:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Իատլիոյ Կաթողիկէներու Տարեկան Ժողովին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Իատլիոյ Կաթողիկէներու Տարեկան Ժողովին։ ''Սրտի Մարտահրաւէրը'' Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ Իտալիոյ Ռիմինիի Հաւաքին։

''Սիրտը Այն բնութիւնն է որ մեզ կը մղէ մեծ բաներ բաղձալու'' այս է բնաբանը Ռիմինիի 31-րդ միջազգային հաւաքին, կազմակերպուած՝ “Comunione e Liberazione”, հաղորդակցութիւն եւ ազատագրում շարժումի կողմէ, որ կիրակի օգոստոս 22-ին սկիզբ առաւ առաւօտուն հանդիսաւոր պատարագի մատուցումով։ Բացման արարողութեան ընթացքին '' Յանուն բարեկամութեան հաւաք ժողովուրդներու միջեւ '' համագումարին նախագահը Էմիլիա Կուարնիերի կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին բարեմաղթական պատգամը։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կը զգուշացնէ մարդիկը որ ՜՜նիւթին մէջ չփնտռեն գոհացում՝՝։ Միայն Հայր Աստուած կարող է լիացնել մարդու սիրտը։

Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ մարդ էակը առանձին կարող չէ լիացնել մարդու կարիքները։ Ժամանակաւոր հաճոյքները կարող են վաղանցուկ գոհունակութիւն տալ, անոնք կը մնան ցնորք մը։

Յայտնենք թէ հազարաւոր անձնաւորութիւններ կը մասնակցին Իտալիոյ կաթողիկէներու հաւաքին, որ ամէն տարի կը գումարուի Ռիմինի քաղաքը օգոստոս ամսոյն աւարտին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.