2010-08-22 13:05:02

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 22 օգոստոս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Աստուածածնայ վերախոխման տօնէն ութ օր ետք եկեղեցին կը հրաւիէ մեզ մեծարելու Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը որպէս ''Թագուհի''։ Քրիստոսի Մայրը Վերափոխումէն ետք Թագուհի կը պսակուի իր Որդիէն` Քրիստոսէն։ Նազարէթի փոքրիկ եւ պարզ աղջիկը կը դառնայ աշխարհի Թագուհին։ Այս է Աստուծոյ սրտի հրաշագործութիւններէն մէկը։ Տիրամայրը բաժանեց իր Որդիին ոչ միայն մարդկային երեւոյթներու խորհուրդը այլ եւ անոր ամբողջ էութիւնը, Ան Աստուծոյ կամքով բարեփոխուեցաւ, փառաւորուեցաւ։ Մարիամ եղաւ առաջինը որ անցաւ Յիսուսի բացած դռնէն մտնելու համար Աստուծոյ Արքայութեան մէջ։ այս դուռը բաց է խոնարհներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը վստահին Աստուծոյ ողորմութեան ու գթութեան եւ կ'աշխատին ապրիլ Աւետարնի ոգիով։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ բազմաթիւ են այն վայրերը ուր կը մեծարուի Ամենասուրբ Կոյս մարիամը որպէս թագուհի երկինքի։ Այսօր որպէս Եկեղեցւոյ որդիներ կ'ուզենք վերանորոգել մեր յառումը ու սէրը հանդէպ Տիրամօր։ Անոր բարեխօսութեան վստահինք մեր առօրեայ աղօթքին մէջ եւ իրմէ խնդրենք խաղաղութիւն մասնաւորապէս այն վայրերու մէջ ուր կը տիրապետէ բռնութիւնը, որպէսզի մարդիկը համոզուին թէ այս աշխարհի վրայ կանչուած ենք ամէնքս մէկը միւսին օգնելու որպէս եղբայրներ կերտելու համար սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց դիմել Անոր, որ Երկինք վերափոխուելով շարունակեց իր միջնորդի ու փրկութեան առաքելութիւնը։ Ան որ եղաւ առաջնորդը առաքելաներու, օգնականը նահատակներու, լոյսը սուրբերու, ուղղենք Անոր մեր աղօթքը, հայցելով որ ընկերանայ մեզի այս երկրաւոր կեանքին մէջ, օգնէ մեզի դիտել Երկինքը եւ ընդունի մեզ, օր մը, իր Միածին Որդիին մօտ։ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բացականչելով. Մարիամ թագուհի խաղաղութեան աղօթէ մեզի համար։

Բարի շաբաթ կը մաղթեմ բոլորին։

իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.