2010-08-21 10:46:45

Տերսիմի Հայերը Տէր Կը Կանգնին Իրենց Ինքնութեան


Ըստ պոլսահայերու ,Հայթերթ կայքէջին, վերջերս Պոլսոյ մէջ հիմնուած է ,Տերսիմի հայերու ընկերային իրավիճակի, մշակոյթի, կրթութեան, պատմութեան, դաւանանքի ուսումնասիրութեան եւ համերաշխութեան միութիւնեը: Նախաձեռնող խումբի խօսնակ Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Միութիւնը Տերսիմի հայերուն պատկանող քաղաքացիական հասարակութեան առաջին կազմակերպութիւնն է եւ անոր կազմաւորումը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է: Միութիւնը հիմնուած է մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ դաւանանքի հետ Տերսիմի հայերու կապը վերականգնելու առաջադրանքով:

Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին միաժամանակ նշած է, որ մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ, նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին, Տերսի շատ մը գիւղերու մէջ, հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին։ Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով կ՛ընդունէին ալաուիականութիւնը։

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալաուի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:

1938ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։

Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։

Մինչեւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.