2010-08-20 11:03:00

Տիմիթրի Մետվետեւի Այցելութիւնը Հայաստան։


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով երէկ պետական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ, ռուսական բարձրաստիճան պետական պատուիրակութեան հետ միասին որուն մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով, փոխադրութեան նախարար, տնտեսական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Իկոր Լեւիթին, Ռուսիոյ հիւսիս-արեւմտեան դաշնակցային շրջանին մէջ Ռուսիոյ նախագահի լիազօր ներկայացուցիչ Իլիա Քլեպանով, Ուլիանովսքի նահանգապետ Սերկէյ Մորոզով եւ պաշտօնատար այլ անձեր։

՜՜Զ՜ուարթնոց՝՝օդակայանին մէջ Ռուսիոյ նախագահը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Տիմիթրի Մետվետեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, ապա եղաւ յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ, որ 2008-ին իր պաշտօնական այցելութեան ժամանակ եղեւնի մը տնկած էր։

Այսօր նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու դռնփակ հանդիպումը, որմէ ետք երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ։ Այս առթիւ պիտի ստորագրուին հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող շարք մը համաձայնագիրեր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.