2010-08-20 11:26:21

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Հրաւէրը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատիարքը, Երեքշաբթի, 19 օգոստոս 2010-ին, պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ՝ Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, մասնակցելու համար նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած՝ տարբեր ձեռնարկներուն։

Այս գծով, նախատեսուած է Կերպարուեստի (նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, design, graphics եւ այլն) գործիչներու համահայկական համաժողով (Երեւան, 6-7 սեպտեմբեր 2010), Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համահայկական հաւաք (Երեւան, 20-22 սեպտեմբեր 2010), ,21րդ դարու մարտահրաւէրները. տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ հայ լրատուութիւնը թեմայով լրագրողներու համահայկական 5րդ համաժողով (Արցախ, 11-16 հոկտեմբեր 2010), Տնտեսագէտներու եւ դրամատան գործակալներու համահայկական առաջին համաժողով (Երեւան, 17-19 նոյեմբեր 2010)։

Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութիւնը այսուհետեւ կ՛ակնկալէ Հայ կաթողիկէ համայնքին աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը նախատեսուած ձեռնարկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.