2010-08-20 11:18:36

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքի Այցը Հունգարիա Ս. Ստեփանոսի Տօնախմբութիւններուն Առթիւ։


Հունգարիոյ մէջ 20 Օգոստոս 2010 ին, կը յիշատակուի՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը որ Հունգարիոյ երբեմնի թագաւոր եւ երկրին պաշտպան սուրբն է։ Այս առթիւ, Սուրբին նուիրուած Պուտաբեշտի Պազիլիքայի կից գտնուող՝ բակին մէջ, տեղի կ̓ունենայ բացօդեայ համապատարագ, նախագահութեամբ՝ Էսզէրկոմ-պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Բիթեր Էրտոյի եւ մասնակցութեամբ՝ Հունգարիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասին։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուի նաեւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք ֆուատ Թուալը, որ հրաւիրուած է Կարտինալ Բիթեր Էրտոյի կողմէ, մասնակցելու՝ սոյն տօնակատարութիւններուն։

Պատրիարքի Հունգարիոյ այցը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ 22 Օգոստոս։

Թուալ Պատրիարքին կ̓ ընկերանայ Աւստրիոյ Երուսաղէմի Սուրբ Թաղման Ասպետներու՝՝ պատուիրակութիւն մը։ 20 Օգոստոսի առաւօտեան Պատրիարքը պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Ստեփանոսի Պազիլիքայի մէջ, իսկ յետ միջօրէին` ինչպես յիշեցինք` կը մասնակցի հանդիսաւոր արարողութեան որուն աւարտին նախատեսուած է հանդիսաւոր Թափօր մը սուրբին ՜՜աջի՝՝ մասունքով։

Նշենք որ աւանդութեան համաձայն Սուրբ Ստեբանոսը, Թագաւոր օծուած է 1000 տարւոյն ծնունդի գիշերը։ Ան եղած է Հունգարիոյ առաջին գերիշխանը եւ հունգարացի սուրբը։ Թագաւորած է իմաստութեամբ իր մտահոգութիւնը կեդրոնացնելով իր քաղաքացիներու կարիքներուն եւ երկրին մէջ քրիստոնեայ հաւատքի հաստատումին, հանդիսանալով միեւնոյն ժամանակ տիպարը քրիստոնէավայել կեանքի մը, իր տիկնոջ Ժիզելլայի եւ իր զաւկին Ըմերիգոյի հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.