2010-08-20 11:29:12

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Տիւրզի Համայնքի Հոգեւոր Պետին Հետ


Արամ Ա. Կաթողիկոս 18 Օգոստոս 2010-ին,Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Նայիմ Հասանին (Շէյխ Ալ Աքըլ) ներկայացուցիչը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութիւնը եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան եւ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Տիւրզի համայնքապետին ներկայացուցիչը իր կարգին բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին ներդրումը Լիբանանի վերելքին: Ան մանաւանդ անդրադարձաւ անոր տարած մարդասիրական աշխատանքներուն եւ այս ծիրէն ներս՝ յատուկ ուրախութեամբ անդրադարձաւ Շուֆի մէջ գտնուող Ազունիէի հայոց բուժարանին տարած առանց խտրականութեան եւ վերանորոգ կերպով աշխատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.