2010-08-20 11:03:14

՜՜Հայ-ռուսական Յարաբերութիւնները Տիպար Օրինակ Են Յետխորհրդային Տարածքին Համար՝՝ Ըսած Է Նախարար Նալպանտեան։


«Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է. ՜՜Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ են եւ տիպար օրինակ են ամբողջ յետխորհրդային տարածքին համար՝՝ ։

Նշելով, որ Մետվետեւի հայաստանեան այցելութեան ընթացքին պիտի ստորագրուի Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգման վերաբերեալ արձանագրութիւնը՝ նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ նոր համաձայնագիրին մէջ պիտի ըլլայ աւելի յստակ ձեւակերպում այն մասին, որ ռուսական զինուորական խարիսխը Ռուսիոյ շահերու պաշտպանութեան գործառոյթներէն բացի, Հայաստանի զինեալ ուժերուն հետ միասին պիտի ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը։ Ան աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ զայն սպառազինութեամբ եւ ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութեամբ ապահովելու գծով։

Նախարարը բարձր գնահատած է Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ։

Այս տարուան յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին (ըսած է Նալպանտեան, կողմերուն առաջարկուած է Մատրիտեան փաստաթուղթին վերջին տարբերակը։ Հայաստան պատրաստ է բանակցութիւնները շարունակելու այդ վերջին տարբերակին հիման վրայ։

Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ բարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերը՝ իբրեւ ՜՜շատ կարեւոր առեւտրական-տնտեսական գործընկեր՝՝։

Հայաստանի մէջ այսօր կը գործեն ռուսական դրամագլուխով 1400 կազմակերպութիւններ։ Ռուսիա նաեւ հայկական արտադրութիւններու գլխաւոր շուկան է։








All the contents on this site are copyrighted ©.