2010-08-19 12:00:46

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Զօրակցող Քոնկրեսականներուն Թիւը Կը Բարձրանայ 148-ի։


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւը, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ կ՚ուղղէ ճանչնալու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, ունեցաւ կողմնակից մը եւս ։

Քոնկրեսական Փիթըր Քինկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւելեան գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, թէ կը խոստանայ միանալ բանաձեւի 147 համահովանաւորներուն։

Քինկ վերջին անգամ Հայոց ցեղասպանութեան սատարող բանաձեւին աջակցած էր տասը տարի առաջ։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւելեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Կարօ Մանճիկեան իր գոհունակութիւնը յայտնելով ըսաւ թէ ՜՜ Այն իրողութիւնը, որ քոնկրեսական Քինկ միացած է բանաձեւի սատարողներուն, որոնց թիւը անընդհատ կ՚աւելնայ, նոր խթան է, որպէսզի բանաձեւը հաւանութեան արժանանայ Ներկայացուցիչներու տան մէջ՝՝։

Նշենք թէ՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը այս տարուան 4 մարտին 23 թեր եւ 22 դէմ քուէներով վաւերացուցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.