2010-08-19 12:00:12

Իրաքի Հայոց Առաջնորդի Գլխաւորած՝ Քրիստոնեայ Համայնքապետերու Պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Կ՛այցելէ


Պաղտատ- Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան վերջերս, գլխաւորեց երկրի նորահաստատ համաքրիստոնէական կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչներու պաշտօնական այցելութիւնը ԱՄՆ գոնկրեսական անդամներու հետ Իրաքի քրիստոնեաներու կացութիւնը քննարկելու:

Պատուիրակութիւնը նախ Ուաշինկթընի մէջ ժողով գումարած է քոնգրեսականներու, ինչպէս նաեւ Hritage Հաստատութեան ներկայացուցիչներու հետ, Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան միջոցներ որոնելու համար, երկրի Մահմետական համայնքի աղանդական սպառնալիքի սաստկութեան ներքոյ:

2003ի պատերազմէն առաջ 1.2 միլիոն համարուած Իրաքի քրիստոնեաներուն գրեթէ կէսը լքած է երկիրը յետ պատերազմի եօթը տարիներու ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.