2010-08-19 11:59:59

Արեւելքի ՜՜Քրիստոնեաներու Հանդիպում ՝՝ Հաւաքը Զմմառու Վանքին Մէջ


Երկուշաբթի, 5 յուլիս 2010ին, ՜՜Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպում՝՝ խմբակը ժողով մը գումարեց Զմմառու վանքին մէջ, ներկայութեամբ՝ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս արհի. Յովհաննէս Թէյրուզեանի, Լիբանանի նախկին փոխ-նախագահ պրն. Էլի Ֆէրզլիի եւ դեսպան Ֆուատ Թըրքի: Այս ժողովին հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչն էր պրն. Անթուան Գալայճեան։

Ան բացման խօսքին մէջ շեշտեց Արեւելքի քրիստոնեայ ներկայութեան կարեւորութեան վրայ, զայն պահպանելու եւ ամրապնդելու յարմարագոյն միջոցները գտնելով, որովհետեւ քրիստոնեաները արաբական զարթօնքի մղիչ տարրը կը կազմեն։

Այս համաքրիստոնէական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2010-ին, Հռոմի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.