2010-08-18 13:01:45

Սրբազան Քահանայապետին կոչը Փաքիստանի աղէտեալներու ի խնդիր։


Ներկայիս իմ մտածումը կ'ուղղուի Փաքիստանի սիրեցեալ բնակիչներուն, որոնք թիրախ են մահաբլեր եւ աւերիչ ողողումի, որուն հետեւանքով բազմաթիւ անձեր մահացած են, եւ անթիւ անհամար մարդիկ անօճախ մնացած։

Մինչ Աստուծոյ ողորմութեան կը թողում բոլոր անոնք որոնք խեղդամահ եղան, իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս կը յայտնեմ անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր այնոնց որոնք կը տառապին այդ աղէտին հետեւանքով։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան որպէսզի օգնութեան հասնի աղէտեալներու եւ ամոքելու անոնց ցաւերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.