՜՜Հայաստան՝՝ Հիմնադրամը Ջուր Կը Հասցնէ Արցախի Աւետարանոց Գիւղը։
Ըստ ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տուեալներուն, հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի
եւ ԼՂՀ կառավարութեան միացեալ հովանաւորութեամբ, կը կառուցուի Ղարաբաղի Ասկերան շրջանի
Աւետարանոց գիւղի ջրամատակարարման համակարգը, որուն առնչութեամբ, արդէն իսկ ընթացքի մէջ
են հողային աշխատանքները։
Ծրագիրի առաջին փուլով կը նախատեսուի գիւղէն 5 քլմ.
հեռաւորութեան վրայ Քիրսի սարի ստորոտը գտնուող երեք աղբիւրներուն մօտ կառուցել ջրհաւաք
կառոյցներ: Նոր ջրատարով ջուրը պիտի հասնի գիւղ:
Երկրորդ փուլով կը կառուցուի
15 քլմ. երկարութեամբ ներքին ցանց, եւ տուներու մուտքագիծերուն վրայ կը տեղադրուին զտիչ
սարքեր ու ջրաչափեր: